Եկեղեցու բարենորոգումը որպես անհետաձգելի հրամայական․ Հյուսիսային Ամերիկայի Արևմտյան թեմի առաջնորդի հայտարարությունը

Ստորեւ ներկայացուած գրութեամբ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յաւելեալ բացատրութիւններ կը տրամադրէ ներեկեղեցական կեանքը փոթորկող մերօրեայ խնդիրներու մասին։ Այն պատճառները, որոնք դրդած էին զինք միանալու բարենորոգութեան ծրագրին, արդէն իսկ բազում անգամներ եւ տարբեր առիթներով հանրայնացուած են։


Նկատի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը եւ հարցին հնչեղութիւնը՝ նպատակայարմար նկատուեցաւ գրութիւնը հրապարակումէն առաջ նախ բաժնել թեմի եկեղեցականներուն հետ։ Այդ նպատակով, Յունուար 15-ին, Առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ գումարուեցաւ արտահերթ եւ բացառիկ հոգեւորականաց ժողով։


Հանրութեան կը ներկայացնենք փաստաթուղթը իր ամբողջութեան մէջ։

_______________________________

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԱՆՀԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ


«Տիրոջ տան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը կլանեց զիս» (Սաղմոս 68:10):


Կարգ մը ազնիւ եւ բարեպաշտ հաւատացեալներ իրենց արդարացի մտահոգութիւնը կը յայտնեն Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը խաթարող աղմկայարոյց դէպքերու առնչութեամբ։


Նախ վասն արդարութեան հարկ է նշել, որ մենք քանիցս կոչով դիմած ենք բարեպաշտ մեր ժողովուրդին (i), որով հարցերը ընդհանուր հոգեւոր-բարոյական ծիրին մէջ պահած ենք։ Այնուամենայնիւ, չանտեսելով մեր սիրեցեալ ժողովուրդի հարցումները, կ՛ուզենք յստակեցնել, թէ մենք ինչո՞ւ միացած ենք բարեկարգման օրակարգին, եւ ինչո՞ւ հիմա։

Բարեկարգութիւնը կամ բարենորոգումը ներեկեղեցական օրակարգ է 5-րդ դարէն սկսեալ։ Կարգ ու կանոնի, բարեվարքութեան, եկեղեցւոյ կառավարման, հովուական ծառայութեան, հոգեւոր կրթութեան եւ եկեղեցւոյ ճշմարիտ առաքելութեան մասին զանազան եկեղեցական ժողովներ գումարուած են եւ որոշումներ առնուած (ii)։


Իր պատմական նախընթացը ունեցող բարենորոգութեան ծրագիրը նոր թափ ստացաւ նախորդ տարի՝ ի լրումն ժամանակի, որպէս պոռթկում եւ յուսահատութեան ճիչ՝ ի տես աննախադէպ անարդարութիւններու եւ բարոյական լուրջ անկումներու։


Մենք միացանք այս շարժմանը, որովհետեւ՝


1. Վեհափառ Հայրապետը, անտես առնելով իր իսկ ստեղծած յանձնախումբի կարծիքը եւ փորձաքննութիւններուն եզրակացութիւնը, պարտակեց Արշակ Արքեպիսկոպոսի մասնակցութեամբ անպարկեշտ դէպք։


2. Ցաւալիօրէն իրազեկուեցանք, թէ ինչպէս Վեհափառը պարտադրած էր 44-օրեայ պատերազմի նահատակ հերոսի եղբոր՝ կարգալոյծ Աղան Աբեղային, իր սգացեալ մօրը հետ մասնակցելու իշխանութիւններու դէմ քաղաքական ընդդիմադիր ցոյցի։


3. Վեհափառ Հայրապետը որեւէ ձեւով չարձագանգեց իր կուսակրոնութեան ուխտը խախտած ըլլալու եւ զաւակ ունենալու հանրային պնդումին։


4. Վեհափառ Հայրապետը լուռ մնաց, երբ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը փաստեր հրապարակեց իր եղբոր՝ Եզրաս Արքեպիսկոպոսի օտարերկրեայ գործակալ ըլլալու մասին։


5. Մայր Աթոռը՝ յանձինս Վեհափառ Հայրապետի, կը շարունակէ ոչ թափանցիկ եւ անհաշուետուողական գործելաոճը՝ առանց ելեւմտից տեղեկագրերու, ըլլայ Մայր Տաճարի նորոգութեան, արցախահայութեան օժանդակութեան, կարիքաւոր եկեղեցականներու օգնութեան եւ կամ այլ կրթական ու բարեգործական ծրագրերու վերաբերեալ։


6. Մենք, որպէս Մայր Աթոռի կողմէ ստեղծուած կանոնադրական բարեփոխումներու յանձնախումբի ատենապետ, տարիներ շարունակ աշխատեցանք թեմակալ առաջնորդներու եւ եպիսկոպոսներու հետ եւ համակարգեցինք կանոնադրութիւններու մշակումը։ Այդ կանոնադրական նախագծերը այդպէս ալ թուղթի վրայ մնացին, քանի որ չհրաւիրուեցաւ Ազգային-Եկեղեցական ժողով՝ զանոնք վաւերացնելու։


7. Կանոնադրութեան չգոյութեան պայմաններուն տակ Վեհափառ Հայրապետը նախընտրեց եկեղեցւոյ կառավարման միանձնեայ գործելաոճը՝ կամայական որոշումներ առնելով եւ իր անձին հպատակ ձեւական յանձնախումբեր ստեղծելով։ Աւելին, Վեհափառ Հայրապետը կ՛ոտնահարէ եպիսկոպոսի մը իր վիճակին մէջ քահանայ ձեռնադրելու առաքելական իրաւունքը, որ լուրջ աստուածաբանական-շնորհաբանական հարց է։


8. Վեհափառ Հայրապետը քաղաքականացուցած է եկեղեցին՝ հակադրուելով պետութեան որդեգրած խաղաղութեան օրակարգին։


9. Ինչպէս որ շատեր կը պնդեն, Վեհափառ Հայրապետի հրամանով Մայր Աթոռը լրատուական ընդհատակեայ արշաւ կը մղէ իրեն քննադատողներուն դէմ՝ վարքաբեկելով հեղինակութիւններ։


10. Վերջին տարիներու անհեռատէս գործունէութիւնը ոչ միայն տկարացուցած է մեր սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռը, այլեւ հեղինակազրկած է Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ Եկեղեցին։ Ան հեռացած է ժողովուրդէն՝ մատնելով զանոնք աղանդներու ճիրաններուն։


11. Ի վերջոյ, մեզի համար անընդունելի է Մայր Աթոռի եւ անձամբ Վեհափառ Հայրապետի հակապետական դիրքորոշումն ու առճակատումը։


Ասոնք են գլխաւոր պատճառները, որոնք դրդած են մեզի միանալ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ծրագրին՝ որպէս հաւատարիմ եւ ուխտապահ զաւակ Մայր Աթոռի, ի սէր Էջմիածնի եւ ի շինութիւն հայրենի պետականութեան։


Շատեր դրդուած քաղաքական զանազան կեդրոններէ կը թիրախաւորեն, կ՛ամբաստանեն Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ բարենորոգութեան ջատագովները։ Ասպարէզի վրայ են հանկարծ քրիստոնեայ դարձած եւ ինքզինքնին «հաւատացեալ» յորջորջող «արմատականներ», որոնց ծայրահեղականութիւնը ո՛չ թէ արդիւնք է սիրոյ ու հաւատարմութեան, այլ՝ արգասիքը իրենց ատելավառ ընդդիմադիր հոգիին։


Դաւադրութիւններու տեսութեան սիրահարներու եւ յատկապէս անոնց համար, որոնք քաղաքական աստառ կու տան եկեղեցւոյ բարեկարգման այս շարժումին, վերստին պիտի յիշեցնենք, որ ասիկայ քաղաքական իշխանութիւններու մտայղացումը չէ։ Աստուած մարգարէի բերնով կ’ըսէ. «Ուղղեցէք ձեր ճամբաները եւ բարեկարգեցէք ձեր գործեր եւ Ես ձեզի հետ պիտի բնակիմ այստեղ։ Մի՛ վստահիք սուտ խօսքերուն, թէ իբր ասիկայ է Տիրոջ Տաճարը» (Երեմիա 7:3–4)։